2014-03-23 15:59:09

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` ''Յիսուսի հետ ամէն մէկ հանդիպում մեր կեանքը կը բարեփոխէ''։


Կիրակի, 23 մարտի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած քառասուն հազարէ աւելի հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի սամարացի կնոջ հետ հանդիպումի մասին։ Մեկնաբանելով հատուածը Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ Յիսուսի հետ ամէն մէկ հանդիպում կեանքը կը բարեխոխէ։
RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.